Քննիչը մերժած է միջնորդութիւնը՝ թոյլատրելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին մեկնիլ Վրաստան։ Յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։
Մարտ 17-ին 93 տարեկանին մահացած է Համայն վրաց Կաթողիկոս-Պատրիարք Իլիա Երկրորդը։
Կաթողիկոսը հրաւէր ստացած էր Վրաց եկեղեցիէն՝ ներկայ ըլլալու Համայն Վրաստանի պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ մասնակցելու սուրբ պատարագին, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ 22-ին։
Մայր Աթոռէն յայտնած էին, որ Գարեգին Երկրորդը մտադիր է ներկայ գտնուիլ էուղարկաւորութեան։ Փաստաբանը միջնորդութիւն ներկայացուցած էր քննիչին, որ Կաթողիկոսը կարողանայ քանի մը օրով բացակայիլ երկրէն։ Ինչպէս կ՚երեւի փաստաբանի հրապարակած պատասխանէն, քննիչը մերժած է միջնորդութիւնը՝ անհիմն ըլլալու պատճառաբանութեամբ։