image

Տասնվեց տարիներ ծառայութեան մէջ․ Գերյ. Հ. Գէորգ վրդ. Պահէի նուիրումի ուղին

Տասնվեց տարիներ ծառայութեան մէջ․ Գերյ. Հ. Գէորգ վրդ. Պահէի նուիրումի ուղին

Օրերս իր լրումին հասաւ Հայ Կաթողիկէ նուիրեալ միաբան հայրերէն՝ Գերյ. Հ. Գէորգ վրդ. Պահէի քահանայական ձեռնադրութեան 16-րդ տարեդարձը։

Այս առիթով հայր սուրբը իր հոգեզմայլ խօսքով անդրադարձաւ անցած տարիներուն՝ նշելով, թէ անոնք միայն ժամանակի ընթացք մը չեն, այլ՝ աղօթքի, ծառայութեան եւ մարդոց սրտերուն դպչելու առաքելութիւն մը։ Ան շեշտեց, որ այս ճանապարհը դիւրին չէ եղած, սակայն արժէ ապրիլ Աստուծոյ եւ մերձաւորին համար։

«Այսօր կը տօնեմ ոչ միայն 16 տարիներու ծառայութիւն, այլ ամէն պահ, զոր ապրեցայ Տիրոջ համար, ամէն աղօթք, զոր բարձրացուցի, եւ ամէն սիրտ, զոր հանդիպեցայ», ըսաւ ան։

Հայր Գէորգ վրդ. Պահէ աղօթել խնդրեց, որպէսզի Տէրը իրեն շնորհէ շարունակելու զօրութիւնը այս սուրբ ծառայութեան մէջ եւ զինք պահէ որպէս գործիք՝ սիրոյ եւ յոյսի տարածման համար։

Այս առթիւ «Արեւելք» կը շնորհաւորէ Հայր Գէորգ Պահէն՝ մաղթելով անոր մշտանորոգ առաքելութիւն եւ բիւր յաջողութիւններ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայր Գէորգ Պահէ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Դամասկոսի մէջ եւ ներկայիս կը հանդիսանայ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի ժրաջան առաջնորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի գլխաւոր օգնականներէն մէկը։