«Պատերազմը սկսւում է միայն այն ժամանակ, երբ հակառակորդը վստահ է, որ յաղթելու է», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2–րդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան Sputnik Արմենիային տուած հարցազրոյցին։
Խօսելով Արցախի պատերազմի մասին, Քոչարեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան ակնյայտօրէն բաւական երկար ժամանակ ծրագրած էր, թէ՛ տեղեկատուական յարձակումը եւ թէ՛ մարտական գործողութիւններու սկիզբը, սակայն գործողութիւններու նման զարգացումէն հնարաւոր էր խուսափիլ։
«Եթէ ես իշխանութեան լինէի, ես ուղղակի վստահ եմ, որ պատերազմ չէր լինի։ Եւ եթէ այն լինէր, ապա կը լինէր ընդհանուր մոպիլիզացում եւ միջոցների այն աստիճան կեդրոնացում, որ թշնամուն անկասկած կը կանգնեցնէինք»,-յայտարարած է Քոչարեան։