image

Մարտունիի մէջ կինն ինքզինք հրկիզած է

Մարտունիի մէջ կինն ինքզինք հրկիզած է

 

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ 20 մարտին ինքնահրկիզուած 41-ամեայ կինն ունէր առողջական խնդիրներ, չէր ուզեր բուժումը շարունակել։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է Մարտունի համայնքի ղեկավարի տեղակալ Վադիմ Դանիէլեանը։

«Նորմալ ընտանիք է, ինչ-որ անախորժութիւններ չեն եղել, որ ասեմ՝ դա էր նման քայլի գնալու պատճառը։ Հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ էլ չունէր։ Զարմանալի բան եղաւ։ Վարկածն այն է, որ  ինչ-որ առողջական խնդիրներ ունէր, չէր ուզում բուժումը շարունակել, ընտանիքին անհանգստութիւն պատճառէր, ու այդպէս գնաց նման քայլի»,- պատմած է Դանիէլեանը։

Ան ըսած է, որ 41-ամեայ կինն ամուսնացած էր, ունէր երկու անչափահաս տղայ։

Արցախի  գլխաւոր դատախազութենէն ալ յայտնած են, որ Արցախի ոստիկանութեան Մարտունի շրջանի բաժին 20 մարտին հաղորդում ներկայացուած է այն մասին, որ նոյն քաղաքի Մայիսի 9-ը փողոցի թիւ 1 հասցէի առանձնատան բակին մէջ յայտնաբերուած է նշուած տան բնակչուհիի Գ.Ղ.-ի դիակը` այրած վիճակի մէջ: Հաղորդման հիման վրայ կատարուած նախնական ստուգմամբ՝ Գ.Ղ-ի տան մէջ յայտնաբերուած է ենթադրաբար տուժողի կողմէ թողուած գրութիւնը, իսկ ամուսինի կողմէ յայտնուած էր տան մէջ պահուող` պենզինի պարունակութեամբ շիշի բացակայութեան մասին։

Դէպքի առթիւ տարածքային քննչական վարչութեան մօտ  յարուցուած է քրէական գործ:

Նշանակուած են փորձաքննութիւններ, կը կատարուի նախաքննութիւն: