image

Իրաւամբ «Ժողովուրդի Տէր Հայր»ը. Պէյրութի մէջ վախճանած է Տ. Օշին Աւ. Քահանայ Գէորգեան

Իրաւամբ «Ժողովուրդի Տէր Հայր»ը. Պէյրութի մէջ վախճանած է Տ. Օշին Աւ. Քահանայ Գէորգեան

Օրերս Պէյրութի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանահայ գաղութի  քահանայական դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Արժ. Տ. Օշին Աւ. Քհնյ. Գէորգեանը։

 Երկար տարիներու ծառայութիւն եւ նուիրում ցուցաբերած Տէր Հայրը, իրաւամբ բոլոր առումներով «Ժողովուրդի Տէր Հայր»ը կոչուելու իրաւունքն ունի։

 Մեծին հետ մեծ ու փոքրին հետ փոքր, Տէր Օշին կարողութիւնը ունէր լսելու բոլորին, անսալու եւ սիրելու բոլորին ու այդ ոգիին շնորհիւ ալ կարողացած է անխափան կերպով կատարել իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը։

Տէր Օշինի նման քահանաներու սերունդը կը պատկանի այն լուռ, բայց հսկայագործ դասուն, որ մեծ վկայականներով կամ աստուածաբանական տիտղոսներով չէ, որ պատմութեան մէջ իր տեղը գրաւեց։ Անոնք յաջողեցան ոչ թէ որովհետեւ ունէին ակադեմական փայլուն պատրաստութիւն, այլ որովհետեւ գիտցան նուիրումի լեզուն օգտագործել, նուիրումի ձեռքերով գործել եւ նուիրումի ճանապարհէն քալել։ Լիբանանի տագնապալի, պատերազմներով եւ անորոշութեամբ լեցուն տարիներուն, երբ համայնքային կառոյցները բազմաթիւ փորձութիւններու կ՚ենթարկուէին, այս հոգեւորականները երբեք երես չթեքեցին իրենց վստահուած խրամատէն։ Իրենց դիրքերուն մէջէն անոնք պահպանեցին մեր ազգութիւնը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթն ու հաւատքը՝ եկեղեցին դարձնելով ոչ միայն աղօթքի վայրի մը, այլ նաեւ գոյատեւման եւ ինքնութեան իրական ամրոցի։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ  ՏԷՐ ՕՇԻՆ ԱՒ․ ՔՀՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

Աւազանի անունով Խորէն, ծնած է 1941 թուականին, Արաբունար, Սուրիա։ Փոքր տարիքէն փոխադրուած է Լիբանան եւ յաճախած է Նորաշէնի Նուպարեան Վարժարան, ապա նոյն դպրոցին մէջ ուսուցիչ դարձած է։

1966-ին կը յաճախէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնի Դպրեվանքի Քահանայից դասարանը, ուր կը պատրաստուի քահանայութեան։ Ողբացեալ Տէր Հայրը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 21 Փետրուար 1969-ին, ձեռամբ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի, եւ նշանակուած է Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Այս պաշտօնը արդիւնաւոր ծառայութեամբ վարած է մինչեւ 1977 թուական։

1977-ին նշանակուած է Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ եւ մեծ բծախնդրութեամբ ծառայած է մինչեւ 2014 թուական։

2014-ին նշանակուած է Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ապա հանգստեան կը կոչուի, սակայն հովուական պարտականութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 2019։

2019-2020 թուականներուն կը նշանակուի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Իր քահանայագործութեան երկար տարիներուն ընթացքին, Առաջնորդարանի շրջագիծէն ներս եւ Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս, Տէր Հայրը ստանձնած է նաեւ վարչական զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ Ան երկար տարիներ եղած է Ազգային երեսփոխանական ժողովի հոգեւորական անդամ, Կրօնական ժողովի անդամ եւ ատենապետ, ինչպէս նաեւ Դատաստանական խորհուրդի անդամ։

Տ․ Օշին Ա․ Քհն․ Գէորգեան վախճանած է Երեքշաբթի, 24 Փետրուար 2026-ին՝ իր ետին ձգելով ծառայութեան, նուիրումի եւ հաւատարմութեան հարուստ ժառանգութիւն մը։