Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած էր գողութեան նպատակով։
Մարալ Խշուաճեանի բնակարան ներխուժած անձինք դանակահարելով սպաննած են հայ ուսուցչուհին։
Սպաննուած ուսուցչուհիին թոռնուհին իր ցաւն ու վրդովմունքը արտայայտած է ընկերային ցանցերու վրայ գրելով՝
«Սա 21-րդ դարն է, 2026 թուականը, ու իմ տատիկին երէկ սպանեցին։ Մեծ մայրս չէ մահացած, սպաննուած է։ Սուրիոյ մէջ դանակահարած են հայ կնոջ։ Տան մէջ սպաննած են գողութիւն ընելու նպատակով այն ալ օրը ցերեկով։
Ես չեմ խօսելու այն մասին, թէ որքան կը տառապիմ կամ ինչ կը զգամ։ Պարզապէս կ՛ուզեմ ըսել՝ մարդը երբեմն անասունի կը վերածուի։ Կ՛ուզեմ թքել մարդկային արդարութեան ճակատին։
Ես կը զզուիմ սովորական ցաւակցական խօսքերէն։ Պարզապէս նստեցէք եւ զզուեցէք մարդ կոչուածէն»։
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած էր գողութեան նպատակով։
Մարալ Խշուաճեանի բնակարան ներխուժած անձինք դանակահարելով սպաննած են հայ ուսուցչուհին։
Դէպքին ընթացքին անոնք դանակահարած էին Մարալ Խշուաճեանը, որու հետեւանքով ան մահացած էր։ Նաեւ կը նշուի, որ յանցագործները բնակարանէն գումար վերցուցած են։ Դէպքի մանրամասները կը շարունակեն ճշդուիլ։
«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով՝ Մարալ Խշուաճեանը Հալէպի Հայ Կաթողիկէ վարժարանի ուսուցչուհի էր։