«Գագիկ Սողոմոնեան» ֆէյսպուքեան ֆէյք ըլլալու կասկածանքով երէկ՝ 20 փետրուարին, ՀՀ ազգային անվտանգութենէն ներս ձերբակալուածները չորսն են։
Նշենք, որ երէկ ձերբակալուած էին ԱԺ աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանը, «Քառեակ Մետիա» ընկերութեան համահիմնադիր, վերլուծաբան Կարէն Բեքարեանը եւ Մհեր Աւագեանը։
Չորրորդ անձը քաղաքացի Արամ Սարգսեանն է, որուն պաշտպան Բենիկ Գալստեանը ֆէյսպուքեան իր էջին յայտնած է, որ ձերբակալման իրաւաչափութիւնը բողոքարկած է դատարան։
«2021թ. փետրուարի 19-ին՝ ժամը 23:55-ին ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքում քննուող մի շատ «հետաքրքիր» քրէական գործով, որը կարելի է պայմանականօրէն անուանել «Գագիկ Սողոմոնեանն ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի», ձերբակալուել է իմ պաշտպանեալ Արամ Լեւոնի Սարգսեանը։
Քրէական գործի փաստական եւ իրաւական կողմին անդրադառնալու ցանկութիւն չունեմ, անկեղծ ասած՝ այս ֆարսը քրէական գործ անուանելն էլ է արդէն հաճոյախօսութիւն։
Պաշտպանեալիս ձերբակալման իրաւաչափութիւնն արդէն իսկ բողոքարկուել է դատարան։
Նիստն ամենայն հաւանականութեամբ տեղի կ'ունենայ 20.02.2021թ.՝ օրուայ երկրորդ կէսին Երեւան քաղաքի դատարանի «Աւան» նստավայրում։
Այս առիթով տեղադրեմ արդէն աւանդական դարձած հին սովետական դատախազական աֆորիզմը»,- գրած է ան։
Յիշեցնենք՝ Մհեր Աւագեանի պաշտպան Միքայէլ Շխիմեան յայտնած է, որ իր պաշտպանեալը ձերբակալուած է ՀՀ ՔՕ 226-րդ (ազգային, ռասայական կամ կրօնական թշնամանք յարուցելը). 226.2 (բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը) եւ 307.4-րդ (ռազմական դրութեան իրաւական ռեժիմի ընթացքում տեղեկութիւնների հրապարակման կամ տարածման կանոնները խախտելը) յօդուածներով նախատեսուած արարք կատարելու կասկածանքով։
Ըստ ԱԱԾ-ի՝ Մհեր Աւագեանը վերը նշուած գործողութիւնները կատարած է «Գագիկ Սողոմոնեան» կեղծ էջէն։ Նոյն կասկածանքով ձերբակալուած են նաեւ Արա Սաղաթէլեանն ու Կարէն Բեքարեանը։
Նշենք, որ այն ժամանակահատուածին, երբ «Գագիկ Սողոմոնեան» կեղծ օգտատէր ըլլալու եւ այդ էջէն արգիլուած տեղեկութիւններ տարածելու մէջ կասկածուող Սաղաթէլեանը, Բեքարեանն ու Աւագեանը ԱԱԾ-ի շէնքն էին, վերը նշուած օգտատէրը նոր գրառում կատարած է։