image

«Մենք ընդդիմադիր դաշտը երբեք չենք պառակտելու». Սերժ Սարգսեան

«Մենք ընդդիմադիր դաշտը երբեք չենք պառակտելու». Սերժ Սարգսեան

Մենք ընդդիմադիր դաշտը երբեք պիտի չպառակտենք, յայտարարած է Սերժ Սարգսեանը՝ պատասխանելով հարցին՝ ինչպէ՞ս կը գնահատէ, որ իրենց հետ փոխկապակցուած անձինք ընդդիմադիր դաշտը կը փորձեն պառակտել։

«Պահ, իրենց ինչ կայ՝ ինչ ուզեն, կ՚ասեն»,- ըսած է Սերժ Սարգսեանը՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցին՝ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ «սեպտեմբերին պատերազմ է լինելու եւ աղէտաբեր պատերազմ, եթէ ՔՊ-ն սահմանադրական մեծամասնութիւն չունենայ»։

Երրորդ նախագահը յայտարարած է, որ որեւէ իշխանութիւն իրաւունք չունի փակելու Արցախ վերադարձի էջը։ Ան տեղեկացուցած է, որ ապրիլ 4-ին պիտի կայանայ ՀՀԿ համագումարը, որու ժամանակ բոլոր հարցերու պատասխանները պիտի տայ։