image
Հրատապ լուրեր:

Գանատա. Մահացած է Այնճարի հարազատ զաւակ՝ Գրիգոր Փանոսեանը (Չաւուշ)

Գանատա. Մահացած է Այնճարի հարազատ զաւակ՝  Գրիգոր Փանոսեանը (Չաւուշ)

Օրերս Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  արմատներով՝ Մուսալերցի եւ  Այնճար  հայաւանի հարազատ զաւակ՝ Գրիգոր Փանոսեանը (Յայտնի Չաւուշ  ծածկանունով)։

Այս տխուր լուրը  «Արեւելք» ստացաւ «Մուսալեռ- Այնճար» դիմատետրի էջէն։

Ստորեւ  հրապարակուած մահազդը՝ 

Տիկ Տէնիզ Խուրի Փանոսեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ Տիգրան Փանոսեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ Վարուժան Փանոսեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ Վարդան Փանոսեան

Տէր եւ Տիկ Նորայր եւ Վարդուկ Պէզճեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ Ռաֆֆի եւ Շուշան Կէօքճեան եւ զաւակունք

Եւ համայն Խուրի,Փանոսեան, Պէզճեան, Աֆարեան, Կէօքճեան, Սէպէեան, Ճապրայեան Ընտանիքներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծհօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝

Գրիգոր Փանոսեան-ի (Չաւըշ)

մահը որ պատահեցաւ Մարտ 9 2026-ին, Գանատայի մէջ։

Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։