Այս դժուարին ու անորոշ ժամանակներուն, երբ Սուրիոյ հայ ընտանիքները կը դիմագրաւեն տնտեսական, ընկերային եւ առօրեայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի օրհնութեամբ, Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբը կը շարունակէ իր մարդասիրական ու նուիրուած առաքելութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իր կոչումին։ Այս նախաձեռնութիւնները կը նպատակադրեն ոչ միայն թեթեւցնել կարիքաւոր ընտանիքներու բեռը, այլ նաեւ փոխանցել զօրակցութեան, հոգատարութեան եւ միասնականութեան ջերմ զգացումը։
Ստորեւ Հալէպի անապահով խաւերուն ցուցաբերուած նեցուկին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, կը շարունակէ իր մարդասիրական ծառայութիւնը՝ այս դժուար պայմաններուն մէջ կանգնելով հայ ընտանիքներուն կողքին։
Այս ծիրին մէջ, Շաբաթ, 7 Մարտ 2026-ին, կազմակերպուեցաւ սննդակողովի բաշխում:
Նախաձեռնութիւնը նպատակ ունէր թեթեւցնելու ընտանիքներու առօրեայ կարիքները եւ արտայայտելու հոգատարութիւն ու աջակցութիւն։
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը՝ սիրով եւ պատասխանատուութեամբ նեցուկ կանգնելով մեր ժողովուրդին։

