image

Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուած է Սահմանադրական Դատարանի անդամ

Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուած է Սահմանադրական Դատարանի    անդամ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կայացած փակ քուէարկութեան արդիւնքներով Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուած է Սահմանադրական դատարանի դատաւոր:

Քուէարկութեան արդիւնքները յայտնած է հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը:

Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած էր 67-ը, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած էին Վարդանեանի թեկնածութեան: Օրենքի համաձայն՝ ՍԴ նորընտիր դատաւորն ԱԺ նիստին կ՚երդուի:

Վարդանեանը պիտի երդուի մարտ 26-ի նիստին:

Վլատիմիր Վարդանեանի թեկնածութիւնն առաջադրած էր ՀՀ նախագահը:  

Վլատիմիր Վարդանեանը յայտարարած է, որ առաջնորդուելով ՀՀ օրէնսդրութեամբ դադրեցուցած է անդամակցութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, եւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին ընտրուելու պարագային պիտի դադրեցնէ նաեւ խորհրդարանական գործունէութիւնը։