image

Ռուսական նաւթը հինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հասած է Ֆիլիփին 

Ռուսական նաւթը հինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հասած է Ֆիլիփին 

Ֆիլիփինը Ռուսիայէն նաւթի խմբաքանակ տացած է․ սա հինգ տարուան ընթացքին ռուսական նաւթի առաջին մատակարարումն է այդ երկիրին։ Այս մասին կը հաղորդէ Phil Sta հրատարակութիւնը։

 

Ֆիլիփինի նախագահ Ֆերտինանտ Մարքոս կրտսերը մարտ 24-ին յայտարարած է երկրին մէջ ազգային արտակարգ դրութիւն սահմանելու մասին՝ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հակամարտութեան հետեւանքով ուժանիւթներու մատակարարման խափանումներուն պատճառով։

Ան նաեւ յայտնած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը քննարկեն Ռուսիայէն նաւթի մատակարարման հարցը։

«Ռուսիան Ֆիլիփինի նաւթի կամ որեւէ այլ ուժանիւթի աւանդական մատակարար չէ, սակայն մենք կ՚ուսումնասիրենք նաեւ այս հնարաւորութիւնը»,– ըսած էր Մարքոս Կրտսեր Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։