Իրանի միջուկային ծրագիրին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ հանգստեան օրերուն՝ Իսլամապատի մէջ։ Այս մասին յայտնած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսին։
«Կը կարծեմ, որ բանակցութիւնները կրնան կայանալ այս հանգստեան օրերուն Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ։ Կ’ենթադրեմ, որ անոնք պիտի ըլլան աւելի լայնածաւալ եւ պիտի չվերաբերին միայն միջուկային ուժանիւթին կամ հակամարտութեան պատճառներուն։ Այս անգամ օրակարգին մէջ պիտի ըլլան նաեւ հրթիռները, Իրանի դաշնակից աշխարհազօրայինները եւ Իրանի համար անվտանգութեան երաշխիքները»,– յայտարարած է Կրոսին։