image

Երեւան․ Անսակարկ դաստիարակ եւ փայլուն գիտնական, արեւելագէտ՝ Վահան Բայբուրդեանի կորուստը

Երեւան․ Անսակարկ դաստիարակ եւ փայլուն գիտնական,  արեւելագէտ՝ Վահան Բայբուրդեանի կորուստը

Մեծ կորուստ մը արձանագրուեցաւ հայ գիտական աշխարհին մէջ։ Կեանքէն հեռացաւ յարգուած արեւելագէտը, բազմավաստակ գիտնականն ու ուսուցիչը՝ Վահան Բայբուրդեան։

«Արեւելք»-ը կորուստին մասին տեղեկացաւ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը․

Խոր վշտով կը տեղեկացնենք, թէ 2026 թուականի Մարտ 9-ին կեանքէն հեռացաւ մեր սիրելի ուսուցիչը, անուանի գիտնականը, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի Իրանի բաժանմունքի երկարամեայ վարիչ՝ Վահան Բայբուրդեան։

 Հանգուցեալի գիտական գործունէութիւնը, իրանագիտութեան զարգացման նուիրուած անսակարկ ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մարդկային բարձր նկարագիրը խոր հետք ձգած են գործընկերներու, աշակերտներու եւ գիտական հանրութեան մէջ։

Հոգեհանգստեան կարգը եւ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի, 11 Մարտ երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Նոր Նորք, 5-րդ զանգուած)։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 12-ին՝ նոյն վայրին մէջէն։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած ու գնահատած են զինք։