image

Մաքրոնի կոչը` Փեզեշքիանին. վերականգնել Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութեան ազատութիւնը

Մաքրոնի կոչը` Փեզեշքիանին. վերականգնել Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութեան ազատութիւնը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ եւ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման ուղղուած յստակ պահանջներ ներկայացուցած է։ Այս մասին X-ի իր էջին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահը։

Ֆրանսայի առաջնորդն ընդգծած է տարածաշրջանի երկիրներու դէմ անընդունելի յարձակումները դադրեցնելու, ուժանիւթային ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները պահպանելու եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւագնացութեան ազատութիւնը վերականգնելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։

Մաքրոնը Իրանին կոչ ըրած է ներգրաւուելու բարեխիղճ բանակցութիւններու մէջ՝ նպատակ ունենալով ստեղծել այնպիսի շրջանակ, որ կը հասցէագրէ միջազգային հանրութեան մտահոգութիւնները Թեհրանի միջուկային ու պալիսթիք ծրագրերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ապակայունացնող գործողութիւններու վերաբերեալ։

Բացի այդ, Ֆրանսայի նախագահը խիստ պահանջ ներկայացուցած է Իրանի իշխանութիւններուն՝ օր առաջ ազատ արձակելու եւ հայրենիք վերադարձնելու Իրանի մէջ պահուող Ֆրանսայի երկու քաղաքացիները։