image

«Այսօր իւրաքանչիւր Սուրիահայ պէտք է աւելի զգօն ըլլայ» Երան Զէյթունցեան

«Այսօր իւրաքանչիւր Սուրիահայ պէտք է աւելի զգօն ըլլայ» Երան Զէյթունցեան

Կարգ մը տուեալներու համաձայն, քորոնա համավարակը շատ աւելի վտանգաւոր եւ ջլատիչ իրավիճակ մը ստեղծեց հայաշխարհի տարբեր գաղութներու մէջ։ Ջլատիչ կ՚ըսեմ, որովհետեւ քորոնաժահրի հետեւանքով պատահեցան մարդկային կորուստներ։ Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր մահ, իւրաքանչիւր կորուստ, իւրաքանչիւր բաժանում ու հեռացում մեզմէ իւրաքանչիւրին պատճառեց ցաւ եւ տխրութիւն։ Յաճախ տխրեցանք նոյնիսկ առանց ճանչնալու կամ առաջին անգամ լսելով տուեալ կորուստին անունը, բայց եւ այնպէս, տխրեցանք ու անէծք տուինք քորոնային։ Տխրեցանք, որովհետեւ նոյնիսկ չէինք մտածած, թէ մեզմէ հարիւրաւոր քիլօմեթր հեռու ապրող հայ մը, որ տակաւին երկար ճանապարհ ունէր կտրելու, յանկարծ վարակուած է, հիւանդանոց փոխադրուած, դիմադրած ապա աչքերը փակած կեանքին։ Տխրեցանք նաեւ անոր համար, որ նոյն այդ անծանօթ մեր ազգակցին վերջին յարգանքի, վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ չեն կրցած ըլլալ իր ծանօթներն ու սիրելիները, իր բարեկամներն ու մերձաւորները։

Պատկերը մեզի համար անսովոր էր. զանազան համայնքներէ հասած լուրերը մեզ ցնցեցին իրենց անսպասելիութեամբ։ Թէեւ գիտական վարկածներ լեցուցին ու կը շարունակեն լեցնել մեր առօրեան եւ օրը, մարդիկ սկսան պատուաստուիլ, սակայն քորոնայի մասին տակաւին կան բազմաթիւ անորոշութիւններ…

Ամէն պարագայի վերեւ կատարուած ջլատող եզրին վերադառնալով պարտիմ ըսել, որ վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին թէեւ վարակը խօլ վազքով յառաջացաւ, սակայն մարդիկ պայքարեցան անոր դէմ ու տակաւին կը շարունակեն պայքարիլ։ Ես կը հաւատամ, որ մեզի կը մնայ պայքարիլ  առաջնահերթօրէն երկու ուղղութեամբ։ Անշուշտ առաջին մօտեցումը վարակին դէմ պայքար տանելու եւ կեանքը նախընտրելու ու կեանքին համար կանխազգուշացումներով ապրելու մօտեցումն է։ Իսկ երկրորդը՝ որուն նաեւ ակնարկած է հալէպահայ կրթական գործիչ՝ Երան Զէյթունցեան իր տողերուն տակ, քորոնային բերած ու մեզի «տրամադրած» յուսալքումին դէմ բաց պայքարին մասնակցութեան կարեւորութիւնն է։

Այս օրերուն, երբ զանազան քաղաքներ իրենց վէրքերը կը կապեն, Հալէպի պարագային ալ յայտնի չէ նոր ոսոխին նպատակը կամ ի՛նչ ընել ուզածն ու ո՛ր ուղղութեամբ երթալը։ Այս բոլոր հարցադրումները մեզի կը ներկայանան վայրէ մը, որ յաղթած է ահաբեկիչներուն, որ կարողացած է ոտքի մնալ, հակառակ ամէն տեսակի ոսոխներու… եւ քաղաք մը, որ այսօր եւս կը շարունակէ իր պայքարը հաւատալով վաղուան յոյսին ու նոր կեանքի մը սկսելու արդար մօտեցումին։ Մնացածին մասին պիտի խօսի հալէպահայ կրթական մշակ Երան Զէյթունցեան, որ հակառակ դժուարին օրեր ապրած ըլլալուն՝ տակաւին կը հաւատայ, թէ իր ծննդավայրը քաջ ու յաղթական կամքով դուրս պիտի գայ այս բոլորէն...


*

-Հալէպը վերջին շրջանին ամբողջութեամբ ազատագրուեցաւ։ Ի՞նչ փոխուած է ատկէ ի վեր։

Պատկերացուցէք պահ մը տասն երկար տարիներ ապրիլ երազելով, թէ ե՛րբ պիտի գայ այն օրը, երբ հեռատեսիլը պիտի միացնես եւ տեսնես պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը կը յայտարարէ Հալէպի ազատագրումը։ Իւրաքանչիւրս երբ պատմութեան գիրք մը կը կարդայինք կամ ռազմական շարժապատկեր մը կը դիտէինք, կը զարմանայինք, թէ մարդիկ ինչպէս դիմացած են այդ սարսափելի պատերազմ կոչուածին։ Կը կարծէինք, որ եթէ նոյն իրավիճակին մէջ յայտնուէինք, երբեք պիտի չդիմանայինք։ Յետադարձ ակնարկով մը այս բոլորը արդէն մղձաւանջ կ՚երեւին, երբեմն ալ մարդկային ուղեղը կրնայ զարմանալ, որ շատ մը ապրուած դժուարութիւններ խնդալով կը պատմենք։

Այդ սպասուած ազատագրման յայտարարութեան օրը եկաւ։ Սակայն ցաւ ի սիրտ ուրախութիւնը ամբողջական չեղաւ։ Այդ ուրախութիւնը չկրցանք վայելել, որովհետեւ վրայ հասաւ քորոնաժահրի համաճարակը եւ ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ․ ուրախութիւնը «փորերնիս մնաց»։ Վերադառնալով ձեր հարցին, թէ ի՞նչ փոխուած է ազատագրումէն ասդին, ապա պիտի ըսեմ, որ մարդիկ ապագային նկատմամբ քիչ մը աւելի լաւատես էին, արդէն շատ մը արհեստանոցներ սկսած էին վերաբացուիլ, բայց ամէն ինչ անգամ մը եւս կանգնեցաւ, մինչեւ ե՛րբ, Աստուած գիտէ։ Բայց մենք արդէն սպասելու վարժ ենք։

 

-Ի՞նչ են հալէպահայութեան գլխաւոր խնդիրները։

Բացի տնտեսական պայմաններու ծանրութենէն, դժուար էր նաեւ ականատես ըլլալ մայր գաղութի նօսրացման։ Իւրաքանչիւր գաղթող հայու հետ, կամ իւրաքանչիւր իր մէկ դասարանին դռները փակող հայկական դպրոցի մը հետ մեր գաղութի պատմութեան մէկ էջն ալ կը փակուէր։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Սուրիոյ պատմութեան ընթացքին քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով գաղութը գաղթեր տեսած է, բայց այս անգամ ցաւը աւելի մեծ էր։ Մենք, որպէս կազմակերպուած գաղութ, արդէն ձուլումի վտանգը թօթափած՝ մշակութային ամէն մէկ գործունէութիւնը կը կազմակերպէինք այնպիսի բծախնդրութեամբ եւ հոգատարութեամբ, որ հիմնական նպատակը կ՚ըլլար ո՛չ թէ զուտ հայապահպանումը, այլ նաեւ ձեռք բերել արուեստի որոշ մակարդակ եւ որակ։ Մենք այլեւս մտահոգուած չէինք համատարած երեւոյթ դարձած օտար ամուսնութիւններով, օտար դպրոց յաճախող եւ հայերէն գրել-կարդալ չգիտցող հայ երեխաներով։ Հալէպահայ գաղութը վեր էր այս խնդիրներէն։ Ցաւալին այն է, որ հազիւ կը զգաս, որ ամէն ինչ տեղին է ու կարծես տարիներով փայփայած եւ տեղ հասցուցած ծրագիրներուդ արգասիքը պէտք է վայելէիր, ահա՛, նոր փոթորիկ մը կու գայ խառնելու ամէն ինչ։

 

-Հարց տալով «Քովիտ-19» համաճարակին մասին, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ այս վտանգաւոր համաճարակը հալէպահայութեան վրայ եւ ի՞նչ են մտավախութիւնները։

Շատեր իմ այս կարծիքին համաձայն չեն, բայց եւ այնպէս, ես համոզուած եմ իմ տեսակէտով։ Համաճարակը աւելի ծանր էր մեզի համար՝ քան պատերազմական տասը տարիները։

Պատերազմի տարիներուն, երբ դուրս հաստատուած մեր բարեկամները յաճախ կը զանգէին ստուգելու մեր իրավիճակը ինկած հրթիռէ մը կամ պայթումէ մը ետք եւ մենք ալ երբ կը պատասխանէինք, որ մենք այս պահուս թատերական ներկայացման ենք, կամ տակաւին կը շարունակենք հայկական դպրոցներէն ներս ընդհանուր զարգացման մրցում մը․ մեզ խենթեր կ՚անուանէին։ Բայց այդ խենթութեան պատճառով մենք շարունակեցինք ոչ միայն գոյատեւել, այլ ապրիլ որպէս սովորական առօրեայ ունեցող մարդ։ Քորոնա համաճարակը եկաւ մեզ տունը «բանտարկելու»։ Մենք, որ պատերազմի ամենէն ահաւոր օրերուն իսկ մեր աշխատանքին գլուխն էինք, ստուիպուեցանք տունը մնալ։ Սակայն, տագնապը բոլոր աշխարհին կը պատկանի։ Հակառակ համավարակին, հայկական բարեսիրական միութիւնները տակաւին կը շարունակեն իրենց բարեսիրական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ առցանց կը շարունակուի բոլոր միութիւններուն եւ դպրոցներուն գործունէութիւնը։ Հիմա դուք ըսէք։ Ի՞նչ բան մեզ կրնայ ընկճել։ Մենք՝ հալէպցիներս եւ ի մասնաւորի հալէպահայերս, աշխատասէր եւ գործունեայ մարդիկ ենք։ Կը սիրենք աշխատիլ եւ ամենէն կարեւորը՝ յարմարիլ իւրաքանչիւր մեր առջեւ դրուած դժուարին պայմաններուն եւ անպայման ելք մը գտնել։

 

-Հարց տալով ապագայի մասին, ձեր կարծիքով, հալէպահայութիւնը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել եւ ինչպիսի՞ ապագայի մը կը սպասուի, որպէս «մայր գաղութ» ճանչցուած հալէպահայութեան համար։

Երեք տարի առաջ հրաւիրուեցայ դասաւանդելու Գահիրէի հայկական միակ վարժարանին մէջ որպէս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի։ Այս հրաւէրը ինծի համար առիթ էր մօտիկէն շփուելու վաղեմի հարուստ եգիպտահայ գաղութին հետ։ Միշտ ցաւով կը նայէի, թէ ինչո՞ւ այսպէս պէտք է ըլլար մեր գաղութներուն ճակատագիրը եւ սարսափ կ՚ապրէի, երբ պահ մը անգամ մտածէի, որ մենք ալ նոյն ճակատագրին արժանի պիտի ըլլանք։

Չեմ կրնար պատկերացնել, որ հալէպահայ գաղութը իր բեղուն գործունէութեամբ, իր հայկական տասնեակ վարժարաններով, հազարաւոր հայ աշակերտներով, ակումբներով եւ եկեղեցիներով օր մը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Բայց գիտէք, մենք ինչու այդպէս չենք ըլլար։ Հալէպ վերադառնալով հասկցայ, որ այնքան ժամանակ որ ոգին կայ, ուրեմն դեռ կը շարունակենք գոյատեւել։ Ասոր փաստն ալ մեր յամառ աշխատանքն է՝ պահելու մեր դպրոցները եւ մեր մշակութային գործունէութիւնը՝ ի գին ամէն դժուարութեան։ Որպէս օրինակ յիշեմ վերջերս մեր եւ «Աղուոր Բաներ» կայքէջին համագործակցութեամբ պատրաստուող մանկական կարճ տեսաերիզներու ծրագիրը։ Մեր աշխատանքին արդիւնքը շուտով կը հրապարակուի նոյն կայքէջին վրայ եւ դուք կը տեսնէք, թէ Հալէպը տակաւին ունի միջոցները նման աշխատանքներ յաջողցնելու։ Եթէ մեր գլխուն թափող հրթիռները չդադրեցուցին մեզ գործելէ, ապա եւ ոչ մէկ բան կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ։ Սակայն եթէ նախքան պատերազմը հանգիստ էինք, թէ մեզ ձուլուելու վտանգը չի պարուրեր, այսօր իւրաքանչիւր սուրիահայ եւ, յատկապէս ղեկավարութիւնը, պէտք է աւելի զգօն ըլլայ։ Ես հաւատացած եմ, որ ինչպէս երէկ, այսօր ալ կայ ոգի ունեցող երիտասարդութիւն, պարզապէս պէտք են գիտակից ղեկավարներ, որոնք հասկնան նոր հրամայականները եւ այս գաղութը ղեկավարելու ռազմավարութիւնը փոխեն, պահելու համար այն ինչ, որ մնաց։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս