Հայութեան համար, երբեք նպատակ եղած չէ ու չի կրնար ըլլալ Հայաստանի հարեւան Իրանի ներքին գործերուն մէջ խառնուելու «համարձակութիւն»ը։ Նոյնը կը վերաբերի Արաբական Ծոցի երկիրներուն, ուր հայութիւնը «Միս եւ ոսկոր» կապած է եւ վայելած ու օգտուած այդ երկրի ամեհի բարիքներէն։
Նոյնը Միացեալ Նահանգներու մասին է, հայութիւնը երբեք իրաւունք չունի ԱՄՆ-ին դէմ ժխտական, կամ անոր արտաքին (մեծ հարցադրումներով լեցուն) քաղաքականութիւնը քննադատութեան ենթարկելու։ ԱՄՆ-ը ինչպէս շատ ուրիշ տէրութիւններ տարբեր հարթակներու վրայ եւ ամենատարբեր ձեւաչափերով յարգած են հայութեան մեծ շահերը ու նաեւ բացած են իրենց դռները հազարաւոր հայերու առջեւ...։Այս բոլորը միայն լիբանանահայութեան մասին չեն, այլ հայութեան մասին են, բայց քանի ներկայիս «քաղաքակրթական շպար» ունեցող առճակատումի հիմնական օճախը Մերձաւոր Արեւելքն է, ապա լիբանանահայութիւնը եւս պարտաւոր է հանդիսանալ առաջատարը այս արդարացի եւ անվտանգութեան «բարձիկ» հանդիսացող ընդհանուր սկզբունքին։
Իրողապէս այդպէս է, ու այլ ճանապարհ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այս առումով ալ շատ կարեւոր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրական մասնակցութիւնը այս գործընթացներուն, հեռու չմնալով նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութեան հետ մշտական կապ ստեղծելու շինիչ առաջադրանքէն։ Տարածաշրջանը նոր փուլ կը մտնէ, ու տակաւին յստակ չէ, թէ ինչ հիմքերով պիտի ընթանան ձեւաչափումները։ Այդ առումով ալ ինչպէս երէկ, այսօր եւ միշտ կարեւորը հայկական անվտանգութեան ապահովումը իրական գործօնի վերածելն է։
Համեմատական ապահովութիւն կը տիրէ Պէյրութի հայկական շրջաններուն մէջ։
Կեանքը մասամբ «դանդաղած» է, բայց մարդիկ կը փորձեն սովորական հունով մը շարունակել իրենց առօրեան։
Ի հարկէ անցնող երկու օրերուն Պուրճ Համուտի մերձ թաղամասին տրուած հարուածը, որոշակի լարում մը առաջացուցած է, բայց պէտք է յստակօրէն դիտարկել, որ ինչպէս միւս Քրիստոնէական, Մարոնի, Տիւրզի, կամ Սիւննի շրջանները, նոյնպէս ալ հայկական թաղամասերը՝ (Պուրճ Համուտ, Սիս, Արագած, Նոր Հաճըն, Պատաուի, Էշրէֆիէ, Համրա, * Զալքա, Ժալ Ալ Տիպ, Անթիլիաս, Տըպայէ, (կամ լեռնալիբանանի այլ աւաններ) նոյնպէս հեռու են իսրայէլեան բանակիմն թիրախ դառնալու վտանգներէն։
Ուղիղ վտանգներու մասին է, խօսքը, որովհետեւ, ինչպէս տարբեր ժամանակներու այս օրերուն եւս չի բացառուիր, որ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը «սխալ» հարուածներ տայ նաեւ այդ շրջաններուն, պատրուակ ընելով իր «որս»երը թիրախ դարձնելու դիտաւորութիւնը։
Ի՜նչ խօսք, որ երկար փորձ ունի լիբանանահայութիւնը նման տեսակի ընդհարումներուն դիմակայելու, բայց նաեւ իրաւացի է այն փաստարկը, որ այս օրերու եւ մանաւանդ այս փուլին ընթացող պատերազմը շատ առումներով կը տարբերի անցեալի դէպքերէն։
Ասոր համար ալ խոցելի կը դառնայ լիբանանահայութեան «փորձառութիւն» ունեցած ըլլալու փաստը, որուն դիմաց Սփիւռքի ամէնէն աւելի ազդեցիկ հայագաղութներէն մին պէտք է «պատասխանէ» իր միասնական կեցուածքով։
Միասնական կեցուածք մը, որ նաեւ պիտի հնչեցնէ գործող իրաւական պետութեան խորքային մօտեցումները։
Մօտեցումներ, որ կրնան ըլլալ ու հաւանաբար պէտք է ըլլան աղմուկէ հեռու մէկ կողմէ դատապարտելով ընթացող պատերազմը, Իսրայէլի թշնամական մօտեցումները եւ տուած վնասները, իսկ միւս կողմէ ձեռնպահ մնալով «Հըզպալլա»ն ու անոր դիմադրութեան գաղափարը «փառաբանելէ»։
Թերեւս «Հըզպալլա»ի ճակատագիրը յառաջիկայ փուլին աւելիով կրնայ յստականալ, սակայն այդ մէկը կարեւոր չէ այս փուլին։
Կարեւորը հայկական շրջանները, հայկական կեդրոնները, ակումբներն ու եկեղեցիները յստակ թիրախ դառնալէ հեռու պահելն է։ Այդ «հեռու պահել»ու գործը կրնայ բացառապէս կատարուիլ «քաղաքական գործ»ով։
Լիբանանահայութիւնը «Տրոն»ներ չունի, չունի արդիական ԱԹՍ-ներ, չունի ռազմական ուժ եւ վստահ եմ չի ալ փափաքիր այդ ուղղութեամբ մտածելու։ Լիբանանահայութիւնը յար եւ նման միւս քրիստոնէական ուժերուն կը հաւատայ, որ հարցերը «զէնքի ուժ»ով լուծելու մօտեցումը վաղուց արդէն կը պատկանի անցեալին։
Ու այս առումով է արդէն, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնաթէժ օրերուն ընտրած է ու փայփայած էր երկի իրաւական եւ օրինական պետութեան կողքին ըլլալու մօտեցումը։
Այդ նոյն մօտեցումն էր, որուն շնորհիւ լիբանանահայութիւնը նուազագոյն վնասներով դուրս եկաւ անցնող պատերազմներէն, յաճախ վճարելով բարձր գին, սակայն յարաճուն կերպով իր կուրծքին կրելով «Հայերը հայրենասէր են, հայերը օրինապաշտ են» արտայայտութիւնները։
Այսօր եւս նոյն ձեւաչափի որդեգրումը կրնայ դառնալ միակ ապաւէն մը, որ հայկական շրջանները, կառոյցները, եկեղեցիները, ակումբները եւ մէկ խօսքով՝ հայերը մնան անվտանգ եւ հեռու մանաւանդ ուղղակի թիրախ դառնալու մեծ ռիսքերէն։
Ի հարկէ ընթացող դաժան պատեարզմ մը, որ մեծ հաշուով եւ խորքային առումով Լիբանանի «ընտրած» պատերազմը չէ։ Արդէն միշտ այդ եղած է. Լիբանանը իր ունեցած խոցելիութիւններուն պատճառով դարձած է է «ազատ դաշտավայր» մը այլոց մեծ ու փոքր խաղերուն։
Ըլլան անոնք օտար ուժեր, շրջանային տէրութիւններ, գերպետութիւններ կամ «պատերազմի վաճառականներ»։
Այս փուլն անշուշտ բաւական բարդ փուլ մը պիտի ըլլայ, տեղի ունեցող զարգացումներն արդէն այդ մասին կը յուշեն։ Զինուելով համահայկական շահերու զրահով, լիբանանահայութիւնը եւս բացայայտ կերպով պէտք է դատապարտէ բոլոր տեսակի պատերազմները, առանց կտրուկ կամ յստակ հասցէատէրեր փնտռելու։
Հայութեան համար, երբեք նպատակ եղած չէ ու չի կրնար ըլլալ Հայաստանի հարեւան Իրանի ներքին գործերուն մէջ խառնուելու «համարձակութիւն»ը։ Նոյնը կը վերաբերի Արաբական Ծոցի երկիրներուն, ուր հայութիւնը «Միս եւ ոսկոր» կապած է եւ վայելած ու օգտուած այդ երկրի ամեհի բարիքներէն։
Նոյնը Միացեալ Նահանգներու մասին է, հայութիւնը երբեք իրաւունք չունի ԱՄՆ-ին դէմ ժխտական, կամ անոր արտաքին (մեծ հարցադրումներով լեցուն) քաղաքականութիւնը քննադատութեան ենթարկելու։ ԱՄՆ-ը ինչպէս շատ ուրիշ տէրութիւններ տարբեր հարթակներու վրայ եւ ամենատարբեր ձեւաչափերով յարգած են հայութեան մեծ շահերը ու նաեւ բացած են իրենց դռները հազարաւոր հայերու առջեւ...։Այս բոլորը միայն լիբանանահայութեան մասին չեն, այլ հայութեան մասին են, բայց քանի ներկայիս «քաղաքակրթական շպար» ունեցող առճակատումի հիմնական օճախը Մերձաւոր Արեւելքն է, ապա լիբանանահայութիւնը եւս պարտաւոր է հանդիսանալ առաջատարը այս արդարացի եւ անվտանգութեան «բարձիկ» հանդիսացող ընդհանուր սկզբունքին։
Իրողապէս այդպէս է, ու այլ ճանապարհ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այս առումով ալ շատ կարեւոր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրական մասնակցութիւնը այս գործընթացներուն, հեռու չմնալով նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութեան հետ մշտական կապ ստեղծելու շինիչ առաջադրանքէն։ Տարածաշրջանը նոր փուլ կը մտնէ, ու տակաւին յստակ չէ, թէ ինչ հիմքերով պիտի ընթանան ձեւաչափումները։ Այդ առումով ալ ինչպէս երէկ, այսօր եւ միշտ կարեւորը հայկական անվտանգութեան ապահովումը իրական գործօնի վերածելն է։
Քաղաքական նրբերանգները, վերջին տարիներուն ստեղծուած դաշինքները, արեւելումի հարցերը մէկ կողմ, պարտաւորեցնողը սակայն Լիբանանի անվտանգութեան ամրագրումն է, որ մեծ պարունակի մը մէջ կրնայ դառնալ ամբողջ հայութեան իրական դրօշակը։ Միացնող դրօշակ մը, որուն ներքոյ են բոլոր ուժերը, որուն համար ալ պարտաւոր են անսակարկ կերպով գործել բոլորը։Հաւատքով։
Գործել հաւատքով, ոչ թէ տարբաղադրելու, այլ միացնելու համար։
Սագօ Արեան
*Թէեւ Պէյրութի կեդրոնական հատուածի որոշ թաղամասեր, օրերս դարձան թիրախ իսրայէլեան գրոհներու, սակայն բարեբախտաբար այդ հարուածները հայութիւնը թիրախ դարձնելու միտուած չէին։ Այդ հարուածները մաս կը կազմէին իսրայէլեան բանակի «ընդհանուր տրամաբանութեան»։