image

Պոլիս գտնուող մեր հայրենակցուհի ՝Քրիստինէ Առաքելեան օգնութեան կարիք ունի

Պոլիս գտնուող մեր հայրենակցուհի ՝Քրիստինէ Առաքելեան  օգնութեան կարիք ունի

 Պայմաններու բերումով Պոլիս գտնուող հայրենահայ մեր հայրենակցուհի Քրիստինէ Առաքելեան կարիքն ունի մեր օժանդակութեան։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մեր աղբիւրէն։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Քրիստինէ Առաքելեան ունեցած է արեան զեղում եւ տեղաշարժուելու խնդիր ունի։ Եւ այս պայմաններուն տակ աւելի ճիշդ է զինք տեղափոխել մայր հայրենիք։

 

 Անոր ապահով եւ անվտանգ տեղափոխումը ապահովելու համար Պոլսոյ մեր հայրենակիցներ արդէն իսկ սկսած են դրամահաւքի, որմէ ետք ալ պիտի կարողանան օդանաւի տոմս մը ապահովել մեր հայրենակիցին։

 Կը նշուի նաեւ, որ Քրիստինէ Առաքելեանին օժանադակելու համար կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն Պոլսիս ապրող մեր հայրենակցուհիներ՝ Լիլիթ Պօղոսեան, Հերիքնազ Աւագեան եւ Լուսինէ Սարգսեան։

 

 Քրիստինէ Առաքելեանին օժանդակելու համար գրել նաեւ մեզի, հետեւեալ հասցէով՝ arevelk1@gmail.com