Պաթումի իշխանութիւնները յանձնած են քաղաքի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին վրացական Ուղղափառ եկեղեցւոյ: Այս մասին յայտնած է Ախալցխա.net կայքը:
Ըստ աղբիւրին, կիսաքանդ այս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները սկսած են՝ Աճարիայի մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութեան կազմակերպութեամբ եւ «Քարթու» հիմնադրամի ֆինանսական աջակցութեամբ:
Եկեղեցին վերանորոգելու համար տրամադրուած է 700.000 լարի: Վերանորոգման նախագիծը ձեռք բերուած է 2017ին Աճարիայի մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութեան կողմէ:
Տաճարը կառուցուած է 19րդ դարուն: Սովետական շրաջնին եկեղեցին օգտագործուած է որպէս մարզասրահ:
Քանի մը օր առաջ, Աճարիայի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար՝ Մաիա Խաճիշվիլին, գործակալութեան ղեկավար՝ Զաուր Ախվլետիանին հետ միասին ուսումնասիրած են ընթացող շինարարական աշխատանքները: