ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի 23 մարտի հրամանագիրով՝ Արմէն Խաչատրեան զրկուած է Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: Նախագահի այլ հրամանագիրով մը՝ Արմէն Խաչատրեան զրկուած է նաեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։
Նախագահ Սարգսեան, Մարտ 23-ին հրամանագիր ստորագրած է Օլեկ Եսայեանը Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Մինսկ) նշանակելու մասին:
Օլեկ Եսայեան նշանակուած է նաեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մէջ Հայաuտանի Հանրապետութեան մշտական լիազօր ներկայացուցիչ: