image
Հրատապ լուրեր:

Օլեկ Եսայեան նշանակուած է Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան

Օլեկ Եսայեան նշանակուած է Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի 23 մարտ­ի հրամանագիրով՝ Արմէն Խաչատրեան զրկուած է Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: Նախագահի այլ հրամանագիրով մը՝ Արմէն Խաչատրեան զրկուած է նաեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։


Նախագահ Սարգսեան, Մարտ 23-­ին հրամանագիր ստորագրած է Օլեկ Եսայեանը Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Մինսկ) նշանակելու մասին:


Օլեկ Եսայեան նշանակուած է նաեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մէջ Հայաuտանի Հանրապետութեան մշտական լիազօր ներկայացուցիչ: