image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ պայթում «Ալ Շըհիրաթ» ռազմական օդակայանին մէջ. Կան տասնեակ զոհեր

Մեծ  պայթում «Ալ Շըհիրաթ»  ռազմական օդակայանին մէջ. Կան  տասնեակ  զոհեր

Մեծ  պայթում  մը գրանցուած է   Հոմսի «Ալ  Շըհիրաթ»   ռազմական  օդակայանին  մէջ։

Այս  մասին   տեղեկութիւնը   հաղորդեց   «Սանա»  լրատուական  գործակալութիւնը,  նշելով, որ պայթումը   պատահած է այն պահուն, երբ  օդակայանի    ապահովական  մարմինները  կը տեղափոխէին     օդակայանի  պահեստանոցին մէջ  գտնուող  հին եւ անօգտագործելի  հրթիռներ։

Իրենց կարգին Սուրիոյ   պետական ծառայութիւններ կը հաղորդեն, որ պայթումին հետեւանքով    զոհուած են  20     զինուորականներ,  իսկ    «Ալ Մարսատ»    կայքի  հաղորդմամբ   զոհերու թիւը անցած է    30-ը եւ անոնց մէջ  կայ  սպայ մը։

Կը  նշուի  նաեւ, որ Հոմսի արեւելեան  հատուածին մէջ    գտնուող «Ալ Շըհիրաթ»  օդակայանը  կը համարուի Սուրիոյ տարածքին  գտնուող ռազմական  մեծագոյն օդակայաններէն մին։