Լիբանանի թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ այսօր Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթքի յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութին ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նշեց, որ կիրակնօրեայ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ աղօթքի յատուկ արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ արք. Ալեմեզեանի։
Ըստ մեր աղբիւրին, այս առթիւ Տ. Նարեկ սրբազան տուաւ պատգամ մը, որուն ընթացքին ան մասնաւորապէս նշեց, թէ լիբանանահայութիւնը կը կանգնի լիբանանցիներու բոլոր արդար պահանջներու կողքին։
Սրբազան հայրը նաեւ շեշտեց խաղաղութեան ամրացումը՝ յիշեցնելով, որ խաղաղութիւնը քրիստոնէական ընկալումներու ամէնէն կարեւոր հիմնաքարերէն մին է։
Յիշեցնենք, որ այսօրուան աղօթքի արարողութեան ներկայ եղած են մեծ թիւով լիբանանահայեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Յակոբ Թէրզեան, Լիբանանի ՍԴՀԿ ներկայացուցիչ, նախկին երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան, ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան կողմէ Սեդրակ Քիւրէճեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ Յակոբ Հաւաթեան, Ազգային եւ կրթական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան, ազգային բարերար Արամ Մալեան եւ ուրիշներ։