Ծանրամարտի Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը 29 Մայիսին երկրորդ ոսկեայ մետալը նուաճեց Թաշքենդի մէջ ընթացող մինչեւ 20 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան:
Տղաներու 96 քկ. քաշային դասակարգին, Գարիկ Կարապետեան երկամարտի 355 քկ. արդիւնքով նուաճեց ոսկեայ մետալը:
81 քկ. քաշային դասակարգին Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Լիանա Կիւրճեան 98 քկ. պոկումին գրաւեց երկրորդ տեղը, 125 քկ. հրումին`առաջին տեղը եւ երկամարտի 223 քկ. արդիւնքով դարձաւ 2021-ի Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութեան յաղթող: