ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ մեկնարկած է վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստը: Նիստը կը վարէ Հայաստանի քրտական համայնքի ղեկավար Կնեազ Հասանովը, որ նորընտիր Խորհրդարանի ամենատարեց պատգամաւորն է:
Նիստին ներկայ են ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը:
Նիստին ընթացքին ՀՀ կառավարութիւնը հրաժարական պիտի ներկայացնէ: Պատգամաւորները պիտի ընտրեն Ազգային ժողովի նախագահ եւ փոխնախագահներ:
ՀՀԿ-ն ԱԺ նախագահի պաշտօնին պիտի առաջադրէ Արա Բալոյեանի, իսկ փոխնախագահներու պաշտօնին` Արփինէ Յովհաննիսեանի եւ Էդուարդ Շարմազանովի թեկնածութիւնը:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահի պաշտօնին «Ծառուկեան» դաշինքը պիտի առաջադրէ Միքայէլ Մելքումեանի թեկնածութիւնը:
Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին՝ ՀՀԿ-ն քննարկման պիտի ներկայացնէ խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներուն թիւը 12-էն 9 դարձնելու հարցը: