image

Լիբանան. Սուրիացի գաղթական մը կտրած է իր կնոջ լեզուն

Լիբանան. Սուրիացի գաղթական մը կտրած է իր կնոջ  լեզուն

Լիբանանի Պըհալպէք նահանգի Սարհին գիւղին մէջ, սուրիացի տղամարդը իր կնոջ լեզուն եւ մարմնէն այլ անդամներ կտրած է:

Բժշկական աղբիւրներ նշած են, որ սուրիացի Ամալ Ալի Խալիլ շտապ օգնութեան սպսարկութեամբ, տեղափոխուած է «Թամնին» հիւանդանոց եւ անոր առողջական վիճակը ծանր է՝ իր ամուսնոյն Հիլալ Մուհամմատ Խալիլի  կողմէ դաժան խոշտանգումի երթարկուելու եւ լեզուն ու մարմնի այլ անդաներ կտրելու հետեւանքով:

Լիբանանեան «Ալ-Ճատիտ» կայքը նշած է, որ Սուրիոյ քաղաքացի Հիլալ Խալիլն ու անոր կինը  Սարհին գիւղին մէջ Ալ-Շուման ընտանիքին պատկանող թռչնաբուծական ագարակին մէջ կ'աշխատին, առանց որեւէ մանրամասներ փոխանցելու դաժան յանցագործութեան պատճառի մասին: