image

Սուրիացի յայտնի ընդդիմադիր Միշէլ Քիլո զոհ ՝ «Քորոնա»ի

Սուրիացի յայտնի ընդդիմադիր Միշէլ Քիլո զոհ ՝ «Քորոնա»ի

Սուրիոյ ընդդիմադիր շարժումի յայտնի ներկայացուցիչներէն՝ Միշէլ Քիլո մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։

 

Այս մասին լուրը հաղորդեց լիբանանեան  VDL կայանը։

 Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապի առաջին փուլերուն ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ կարեւոր գործունէութիւն Միշէլ Քիլո, եղաւ անոնցմէ, որոնք նկատելէ ետք ընդդիմադիր շրջանակներու սխալ մօտեցումները ու ապա նաեւ շրջանային տէրութիւններու ժխտական միջամտութիւններն ու աւերիչ դերը ժամանակ մը անց հեռու մնացած է քաղաքական դերակատարութիւնէ։

 

 81 Տարեկան Միշէլ Քիլո երկար ատեն հանդէս եկած է Սուրիոյ խնդիրները արծարծող նիւթերով ու անոր յօդուածները լոյս տեսած են մասնաւորապէս «Ալ Սաֆիր» պարբերականին մէջ։

 

 Քիլո ծնած էր Լաթաքիա ու ան պատերազմի թէժացումէն ետք լքած էր երկիրը։