image

Լիբանան. Ցոյցերու 9-րդ օր. Սպասողական վիճակ, Նասրալլա պիտի խօսի

Լիբանան. Ցոյցերու 9-րդ  օր.  Սպասողական վիճակ, Նասրալլա պիտի խօսի

Լիբանանն այսօր   կը թեւակոխէ   բողոքի  ցոյցերու 9-րդ  օրը։

Ցոյցերու երկարատեւ  օրուան մը աւարտին  հարիւրաւոր ցուցարարներ   գիշերած են   Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն  վրայ տեղադրուած վրաններու    տակ։

Կը  նշուի նաեւ, որ այսօր առաւօտեան   կանուխ ժամերէն սկսեալ  ցուցարարներ  փակած են  Պէյրութի, ինչպէս նաեւ   տարբեր քաղաքներու    գլխաւոր ճանապարհները։

Միւս  կողմէ  լիբանանցիք, որ երէկ դժգոհ մնացին   Լիբանանի  նախագահ  զօր. Միշէլ  Աունի     խօսքէն,  այսօր  պիտի սպասեն    «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ  Հասան Նասրալլայի  պատկերասփռուած   ելոյթին: Ցուցարարներու մեծ  տոկոսը  կը շարունակէ մնալ  անդրդուելի  եւ  միաբերան  կը   պահանջէ  գործող  կառավարութեան եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին   հրաժարականը։