Լիբանանի մէջ վերջերս շատցած են վրէժխնդրութեան հիմքով տեղի ունեցող ոճիրները: Ամէնէն նոր դէպքը, որ ցնցած է Լիբանանը, «Պըրժ Ալ Պարաժնէ» գիւղաքաղաքի ոստիկան՝ Ալաա Իպրահիմի սպաննութիւնն է: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ լիբանանեան «Ալ Նահար» կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, ոստիկան Իպրահիմի ամուսնութեան դեռ չէր անցած երկու շաբաթ: Ան իր եղբօր հետ շարժակաւոր հեծելանիւով գործի ուղղուած ատեն, ենթարկուած է հալածանքի, նոյնպէս հեծելանիւի վրայ եղող երկու երիտասարդներու կողմէ: Անոնք կրակած են ոստիկանի ուղղութեամբ, բայց վրիպած: Ոստիկանը պատսպարուելու համար, մտած է շէնք մը եւ հասած 7-րդ յարկ, սակայն ոճրագործները յաջողած են գտնել զինք ու սպաննել այնտեղ, ու փախուստի դիմել:
Աղբիւրը վրէժի պատճառները պարզած է: Անցեալ տարուայ Մարտ ամսուն, նոյն գիւղաքաղաքին մէջ, ինչ որ հարց մը ծագած է ինքնաշարժի կայանատեղիի համար, որուն պատճառաւ կրակոց եղած է, ու զոհուած է երիտասարդ՝ Հուսէյն Զաաթարը: Ոստիկան Իպրահիմ հարցաքննուած է այս հարցով, եւ ի յայտ եկած է, որ ան ոչ մէկ կապ չէ ունեցած այս հարցին հետ, բայց զոհուած երիտասարդի ծնողները չեն համոզուած:
Գիւղի քաղաքապետի խօսքով՝ Իպրահիմ իր գործին նուիրուած ոստիկան էր «Մենք մէկ ընտանիքի պէս էինք, յաճախ միասնաբար կը կատարէինք անվտանգութեան ծառայութիւններ, մանաւանդ «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած»: Քաղաքապետարանը յայտարարութիւն տարածած է, ուր ըսած է, «Հակառակ որ ձերբակալուած էր Զաաթարի իսկական սպաննողը, բայց անմեղներ զոհ գացին»: Յայտարարութեամբ նաեւ նշուած է, որ լիբանանեան պատկան մարմինները պէտք է անմիջապէս գործի անցնին եւ գտնեն ոճրագործները:
Ի դէպ, ոճրագործութենէն ետք, ընկերային համացանցով տեսանիւթ տարածուած է, ուր սպաննուած երիտասարդ՝ Զաաթարի ազգականները կրակոցներով կը զուարճանան անոր գերեզմանին մօտ:
Իր հերթին ներքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է այս սպաննութիւնը, նամանաւանդ, որ ուղղուած եղած է երկրին անվտանգութիւնը պահպանող աշխատակիցներուն: