3-րդ օրն ըլլալով Լիբանանի մէջ սկիզբ առած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին։
Այս մասին լուրը հաղորդեց MTV կայանը նշելով, որ հակառակ քաղաքական գետնի վրայ տիրող սպասողական իրավիճակին ցուցարարներ կը մերժեն փողոցներէն հեռանալ։
Բողոքի ցոյցին մասնակիցներէն շատեր յայտարարած են, որ իրենց պահանջը մէկ է եւ կը սպասեն, որ վարչապետ Հարիրի ներկայացնէ իր հրաժարականը։
Յիշեցնենք, որ երէկ Հարիրի պատկերասփռուած ելոյթ մը ունեցաւ եւ նշեց, որ իր համար ներկայ փուլին ամենակարեւորը քաղաքական գործընկերներու կողմէ ներկայացուելիք յստակեցումներն ու զիջումներն են։
Լիբանանի վարչապետը 72 ժամ տուաւ իր գործընկերներուն հանրութեան յուշելով, որ չի բացառուիր որ ինք հրաժարի եւ շրջան մը հեռու մնայ երկրի քաղաքական իշխանութենէն։