Շատերը շփոթ պիտի ապրին խորագիրը կարդալով: Խօսքը հայ պատրիարքի մը մասին չէ, այլ Մարոնի համայնքի Անտիոքի եւ համայն արեւելքի պատրիարք Մար Պշարրա Ալ Ռահի Պատրիարքին Ռիատ կատարելիք այցին մասին է, որ պիտի կայացուի վաղը՝ երկուշաբթի օր:
Ռահիի այս այցելութիւնը կը համարուի պատմական նախ անոր համար, որ 1950 -ականներէն ի վեր առաջին անգամն է, որ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մը հոգեւոր առաջնորդը մուտք պիտի գործէ Սէուտական Արաբիոյ սահմաններէն ներս: Ու յետոյ այն պատճառով, որ Լիբանան կ'ապրի քաղաքական բաւական բարդ իրադրութիւն մը երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիի տուած հրաժարականին պատճառով, որ տրուեցաւ Ռիատի մէջ եւ սէուտական «նեցուկ»ով մը:
Բոլորին յայտնի է, որ Սէուտական Արաբիա իր ունեցած տնտեսական ներուժով եւ քաղաքական մօտեցումներով կարեւոր դեր կը կատարէ Միջին Արեւելքի մէջ եւ այս դերը անշրջանցելի դեր մըն է:
Մէկ կողմէ սիւննի- շիիթ լարուածութիւնը եւ միւս կողմէ կարգ մը թէժ կէտերու մէջ Ռիատի միաւորներ կորսնցնելու երեւոյթը թագաւորութիւնը դարձուցած են «ակրեսիւ» վիճակ մը ունեցող տէրութիւն:
Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ գահաժառանգ Մոհամմէտ Պըն Սըլման իշխանին երկրի ղեկը «ստանձնելու» նախնական քայլերը, որոնք աւելիով կը ծանրացնեն իրադրութիւնը:
Այս բոլոր տուեալները կշռելէ ետք Ռահի Պատրիարք Ռիատ պիտի այցելէ եւ թագաւոր Սըլմանին եւ իշխող Ապտըլ Ազիզ արքունիքի ղեկավարութեան բացատրէ Լիբանանի դիրքը:
Բացի այդ եւ ըստ տրուած վերջին տուեալներու Ռահի Պատրիարքին պիտի յաջողուի հանդիպիլ վարչապետ Սաատ Հարիրին, բան մը, որ լարուած իրադրութիւնը թուլացնող հանգամանքի կրնայ վերածուիլ, եթէ վերջին պահուն այդ հանդիպումը չտապալի:
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Մարոնի եկեղեցւոյ առաջնորդը, շրջանային իմաստով ալ ազդեցիկ առաջնորդ է, որուն քայլերն ու նախաձեռնութիւնները կը խօսին կարող եւ հեռատես առաջնորդի մը արեւելումներուն եւ մօտեցումներուն մասին:
Ռահի Պատրիարք տիալոկի եւ երկխօսութեան մարդ է: Ի՜նչ խօսք այդ մասին:
Կարեւորը սակայն Ռիատի ղեկավարներուն արձագանգն է, որմէ ետք ալ յայտնի պիտի դառնայ լիբանանեան տագնապի յաջորդ փուլը: