image

Եւրոպան եւ ... բաժանարար գիծերը. Լաւրով կարեւոր դիտարկումներ կատարեց

Եւրոպան եւ ... բաժանարար գիծերը. Լաւրով կարեւոր դիտարկումներ կատարեց

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ըսած է, որ Եւրոպայի մէջ՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ առաջնագիծի խրամատներու նման բաժանարար գիծեր կը դրուին, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը։

«Ռուսաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն մէջ իրավիճակը կը շարունակէ տագնապալի մնալ։ Մեր ընդհանուր եւրոպական մայրցամաքին մէջ վստահութեան աննախադէպ ճգնաժամ է։ Եւրոպայի մէջ խրամատներու նման բաժանարար գիծեր կը դրուին», - ըսած է Լաւրովը՝ Ռուսաստանի եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւններուն նուիրուած խորհրդաժողովի ժամանակ։

Ան նաեւ խօսած է միացեալ օրակարգերու սահմանափակ հեռանկարի մասին եւ յիշեցուցած, որ դեռ 2010 թուականին պատրաստակամութիւն կար ՌԴ-ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողով ստեղծելու, սակայն Եւրոմիութիւնը հրաժարած է այդ գաղափարէն։