Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ ռուսական զինուած ուժերն առաջխաղացում գրանցած են Ուքրանիոյ մէջ ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով, թշնամին չի կարնար զսպել այս յարձակումը եւ կը դիմէ ահաբեկչական մեթոտներու։
«Մեր զօրքերը կը պահպանեն ռազմավարական առաւելութիւնը, վստահօրէն առաջխաղացում կը գրանցեն, եւ ոչ մէկ հրետանային հարուած կամ անօդաչու թռչող սարքերու հարուած պիտի չփոխէ այս իրավիճակը։
Մեր զօրքերու առաջխաղացումը կը կատարուի բոլոր ուղղութիւններով»,-ըսած է Փութինը։
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ համոզմունք արտայայտած է, որ Ուքրանիոյ զինուժի կողմէ Ռուսիոյ դէմ իրականացուող ոչ մէկ հարուած կամ գործողութիւն Քիեւին պիտի օգնէ։
«Մենք պէտք է ոչ միայն վերակառուցենք Տոնպասի եւ Նովոռոսիայի մէջ աւերուածը, այլեւ նոր հիմք դնենք զարգացման համար։ Շատ բան կատարուած է Տոնպասի եւ Նովոռոսիայի զարգացման համար, բայց դեռ շատ չլուծուած խնդիրներ կան»,-գրած է ան։