image

Միքայէլ Մինասեան սահմանազատման կարեւոր փաստաթուղթ հրապարակեց

Միքայէլ Մինասեան սահմանազատման կարեւոր փաստաթուղթ հրապարակեց

Գերագոյն սուտասանը հասցուցած է մինչեւ այն պահը, որ Ալիեւը կը ստիպէ անոր հաստատել վերջնագրերու հետ համաձայնութիւնը գրաւոր կերպով: Եւ մենք, թոյլ տալով անոր բազմիլ աթոռին, մենք մեզ ընտրութենէ կը զրկենք: Այդ մասին թելեկրամեան իր ալիքին գրած է Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը՝ հրապարակելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու սահմանազատում առաջարկող յայտարարութեան լուսանկարը, որ, անոր խօսքով, պիտի հրապարակուի առաջիկայ օրերուն:

«Ահա փաստաթուղթը, որի մասին ես գրել եմ Ֆէյսպուքում:

1. Դրանք համաձայնեցուած փաստաթղթի առաջին էջի առաջին դրոյթներն են;

2. Այն ունի նաեւ գաղտնագրուած մաս (չհաշուած Նիկոլի եւ Ալիեւի բանաւոր պայմանաւորուածութիւնները);

3. Նիկոլն ամէն հարցում համաձայնութիւն է տուել, սակայն դեռ չի ստորագրել;

4. Նա Ալիեւին ներկայացրել է 3 նախապայման ստորագրելու համար. նախքան ընտրութիւնները Հայաստանից դուրս բերել ատրպէյճանական զօրքերը եւ վերադարձնել գոնէ մի քանի ռազմագերի, իսկ 6 գիւղերը յանձնելու մասին ձեւակերպումները գրել հնարաւորինս լղոզուած կերպով, որպէսզի ապահովի հեշտ վերընտրուելը:

Արա Այվազեանը հրաժարուել է ինչ-որ առնչութիւն ունենալ այդ փաստաթղթի հետ՝ նշելով, որ ԱԳՆ-ն դէմ է դրան:

Դրանից խուսափելու միակ միջոցը հնարաւորինս արագ Նիկոլից ազատուելն է: Քանի դեռ նա իշխանութեան ղեկին է, այդ իրավիճակը կը շարունակուի»,-գրած է ան: