Այնճարի մէջ յարգած են օրերս վախճանեալ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարք ՝ Տ.Գրիգոր-Պետրոս Կապրոյեանին յիշատակը։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, թէ կիրակի 30 մայիս 2021-ին Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամօր»եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր Ս.Պատարագ ու հոգեհանգստեան պաշտօն Նորոգ հանգուցեալ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց, հանդիսաւորութեամբ Արհիապատիւ գերպծ. Հ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի Առաջնորդ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմին։
Ապա եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ