image

Հրդեհներ Քեսապի մէջ. Վնասները նիւթական են (Լուսանկարներ)

Հրդեհներ Քեսապի մէջ. Վնասները նիւթական են (Լուսանկարներ)

Քեսապ հայկական գիւղին մէջ հրդեհներ ծագած են։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին Քեսապէն։

Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ, հրդեհները ծագած են մասնաւորապէս Պալճաղազ շրջանին մէջ։ Հրդեհ մըն ալ ծագած է Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Հրեշտակապետաց  (Սուրբ Միքայէլ) եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող  բաց տարածութեան մէջ։ Գիւղացիները ամէն ջանք ի գործ դրած են՝ մարելու համար հրդեհները եւ յաջողած։

Ամառային տաք եղանակին հետեւանքով եղած հրդեհները եղած են կանաչապատ եւ ծառախիտ շրջաններուն մէջ։

Մարդկային կորուստներ բարեբախտաբար չկան։

 

 Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի աղբիւրին.

 

 


Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը: