image

Հրազէնով սպանութիւն Երեւանի մէջ

Հրազէնով  սպանութիւն Երեւանի  մէջ

 Ըստ  «Շամշեան»   կայքին Երեւանի   Երկաթուղայիններու թիւ երկու փողոցին  մէջ սպանութեան դէպք  տեղի ունեցած է։

 

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զոհը  փոխադրուած է  «Էրէբունի»  բժշկական  կեդրոն, որմէ ետք ալ տրուած է  ահազանգ։

 

 Հիւանդանոց ու ապա  դէպքի վայր  ժամանած են  շրջանի  ոստիկանութեան       միաւորներ եւ  քննութիւն  բացած   կատարուածին շուրջ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ զոհուածին ինքնութիւնը   ցարդ  չէ պարզուած  ու այդ  առումով կը կատարուին համապատասխան  աշխատանքներ։

   Ցանցագործութեան    վտանգաւորութեան    աստիճանը   համուի առնելով    շրջան  ժամանած է Էրեբունի  եւ  Նուպարաշէն վարչական շրջաններու  դատախազ Արմէն Չիչոյեանը, դատախազի տեղակալն  ու աւագ դատախազը։