image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան ճարահատեալ վիճակի մէջ. Ան մեղադրած է Ամներիկացիները Ցեղասպանութիւն գործելու մէջ

Էրտողան ճարահատեալ վիճակի մէջ. Ան մեղադրած է Ամներիկացիները Ցեղասպանութիւն գործելու մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնները որակած է «անհիմն, անարդար եւ իրականութենէ հեռու»:

Ըստ Էրտողանի՝ Պայտընն իր յայտարարութիւնը ըրած է «հայկական արմատական շրջանակներու ու հակաթրքական խումբերու ճնշման տակ»:

«Պատմական իրադարձութիւններու ուսումնասիրութիւնը եւ անոնց վերաբերեալ ճշմարտութեան բացայայտումը պէտք է ձգել փորձագէտներուն ու պատմաբաններուն, այլ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն»,- ընդգծած է թուրք ղեկավարը:

Էրտողան յայտարարած է, որ «հայերու զանգուածային գերեզմաններ դուք ոչ մէկ տեղ կը գտնէք»: Նաեւ նշած՝ անընդունելի է «ցեղասպանութեան պիտակը կախել թուրք ժողովուրդի վրայ, երբ բոլոր փաստերն ակնյայտ են»:

Ուշագրաւ է, որ Էրտողանը դարձեալ ԱՄՆ–ն մեղադրած է կարմիր հնդիկներու ցեղասպանութեան մէջ։ «Եթէ Պայտընը կը խօսի ցեղասպանութեան մասին, ապա թող հայելիի մէջ նայի ու գնահատէ իրեն»,-ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ դեռ 2019-ի դեկտեմբերին, երբ Քոնկրէսի երկու պալատները ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը, Էրտողանը «սպառնաց», որ ինքն ալ իր հերթին կը ճանչնայ կարմիր հնդիկներու ցեղասպանութիւնը։ Այս ամէնը ծիծաղելի է թուի, նկատի ունենալով, որ ԱՄՆ–ը շատոնց ընդունած իր մեղքը եւ փոխհատուցում կատարած յանցագործութիւններու համար, եւ Թուրքիան ոչ մէկ բարոյական իրաւունք ունի ԱՄՆ–ն մեղադրելու ու սպառնալու, քանի որ՝

  • ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ն իր բոլոր պետական մարմիններու՝ նախագահի եւ տարբեր պետական ու հասարակական կազմակերպութիւններու մակարդակով բազմիցս ներողութիւն հայցած է բնիկներէն իրենց նախնիներու կոտորածի համար, եւ այդ անկեղծ ափսոսանքը արտայայտած է յայտարարութիւններով, յիշատակի յուշարձաններու կառուցմամբ, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ դէպքերու ճշմարիտ շարադրմամբ, զոհերու յիշատակը եւ վերապրողներու արժանապատուութիւնը յարգելով,
  • ԱՄՆ կառավարութիւնը պետական պիւտճէէն ամենամեայ յատկացումներ կատարած է բնիկ ժողովուրդներու կարիքներու ապահովման համար․ միայն 2019-ին տրամադրուած է 2,4 միլիառ տոլար, նաեւ՝ փոխհատուցումը արտայայտուած է ֆետերալ եւ նահանգային մակարդակներով տարբեր հարկային արտօնութիւններու ու այլ յատկացումներու տեսքով,
  • ԱՄՆ-ն իր տարածքին մէջ բնիկ ժողովուրդերուն տրամադրած է մօտ 130․000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, ուր կան 500-է աւելի ինքնիշխան բնակավայրեր, ուր բնիկներու սերունդները, իրենց բնական կենսակերպն ու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելով, կը շարունակեն ապրիլ,
  • ԱՄՆ-ը կառավարութիւնը բնական միջոցներու օգտագործումէն մաս յատկացուցած է բնիկներուն՝ յարգելով այդ տարածքներուն մէջ բնական միջոցներու նկատմամբ բնիկներու իրաւունքները։ Վերջին հաշուարկներով բնիկ ժողովուրդներու տարածքներուն մէջ եղած միջոցները կը գերազանցեն  1,5 թրիլիոն տոլարը, որմէ անոնք բաժին ունին։

Այսպիսով՝ Թուրքիան նախ պէտք է դասեր քաղէ ԱՄՆ–ի՝ ցեղասպանուած կարմիր հնդիկներուն փոխհատուցում տրամադրելու քաղաքականութենէն եւ նոր միայն մեղադրէ այլոց։