Ապահովական վտանգաւոր զարգացում մը գրանցված է Պէյրութի մէջ։ Ըստ «Ալ ժումհուրիա» պարբերականի կայքին իսրայէլեան երկու անօդաչու սարքեր ջախջախուած են Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ սարքերէն մին ինկած է հարւային Պէյրութի «Հայ մատի» թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի «Հըզպալլա» կուսակցութեան մամլոյ կարեւոր կեդրոններէն մին։
Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ, իսկ իսրայէլեան բանակը փակած է Լիբանանի հետ սահմանի օդային տարածքը եւ ապահովական քայլերու ձեռնարկած սահմանին վրայ։