image

Այնճարի մէջ. Արդիական նոր սարքեր հայկական գիւղի ատամնաբուժարանին

Այնճարի մէջ. Արդիական նոր սարքեր հայկական գիւղի ատամնաբուժարանին

Օրերս Լիբանանի Պեքաա շրջանի հայկական աւան Այնճարի ատամնաբուժարանը օժտուած է արդիական նոր սարքերով։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ծրագրի հովանաւոր Լիբանանի «Հ.Գարակէօզեան» հաստատութեան դիմատետրի էջէն, որ մասնաւորապէս գրած է, թէ

«Գարակէօզեան հաստատութեան Այնճարի դարմանատան ատամնաբուժական բաժինը առաւել եւս մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միտումով օժտուեցաւ ատամնաբուժական արդիական նոր սարքերով տրամադրուած՝«International Rotary Club» կազմակերպութեան կողմէ։

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին տեղի ունեցաւ բացումը ներկայութեամբ՝ «Beirut Cedars Rotary Club»-ի նախագահ՝ Յակոբ Տանձիկեանի, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեանի եւ դարմանատան ատամնաբոյժ՝ տոքթ. Խաժակ Այնթէպլեանի»։

 

 Յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք Այնճար հայկական աւանի մեր հայրենակիցներուն։