Հազարաւոր ցուցարարներ այսօր երեկոյեան ողողած են Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի, ինչպէս նաեւ հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլիի կեդրոնական հրապարակները։
Ցուցարարները, որոնց պահանջին ի տես օրեր առաջ վարչապետ Հարիրի իր հրաժարականը կը ներկայացնէր կրկնած են իրենց պահանջները եւ այս անգամ խօսած նոր կառավարութեան կազմութեան կարեւորութեան մասին։
Կը նշուի նաեւ, որ ցուցարարներ փակած են Պէյրութի եւ Թրիփոլիի կարգ մը կեդրոնական ճանապարհները եւ խօսած վաղը ամբողջ երկիրը անդամալուծելու իրենց միտումներուն մասին։
Նշենք, որ լրատուական տարբեր կայաններ նկատել տուած են, որ երկրին մէջ բողոքի ալիքին սաստկացումը հետեւանք էր այսօր Պաապտայի նախագահական պալատին շուրջ տեղի ունեցած բազմահազարանոց հաւաքին, որուն ընթացքին «Ազգային ազատ հոսանք»ի անդամներ եւ համակիրներ զօրակցութիւն յայտնած էին կուսակցութեան հիմնադիր եւ երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունին։