Ժողովրդավրութիւնը (Դեմոկրատիան) նահանջած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ինչին նպաստած է Ամերիկայի մէջ դեմոկրատական չափանիշներու արագ քայքայումը: Այս տխուր եզրահանգումը արձանագրուած է Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան երէկ հրապարակած «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ - 2018» զեկոյցին մէջ:
Տարեկան զեկոյցի հեղինակները վերլուծած են աշխարհի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վիճակը:
Հայաստան Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կողմէ 44 միաւորով դարձեալ մասամբ ազատ երկիրներու շարքին է: «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2018. ժողովրդավարութիւնը ճգնաժամի մէջ» զեկոյցին համաձայն` երկիրը ոչ ազատ ճանչցուած է մամուլի ազատութեան, եւ մասամբ ազատ` համացանցի ազատութեան առումներով:
2017-ի վարկանիշին մէջ եւս Հայաստանը` 45 միաւորով, ճանչցուած էր մասամբ ազատ:
Հնարաւոր 100 միաւորէն 30 միաւորով, 2017-ի 33-ի փոխարէն, մասամբ ազատ ճանչցուած է նաեւ Արցախը:
Հարաւային Կովկասի մէջ մասամբ ազատ ճանչցուած է նաեւ Վրաստանը` 64 միաւորով: Ատրպէյճանը 12 կէտով ճանչցուած է ոչ ազատ երկիր: Իրանը եւ Թուրքիան նոյնպէս ոչ ազատ երկիրներու շարքին են` համապատասխանաբար 17 եւ 32 միաւորներով:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները անցած են ժողովրդավարական չափանիշներու խախտումներով. իշխող կուսակցութիւնը ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներ բանեցուցած է, ահաբեկած է ընտրողները, չարաշահած վարչական աղբիւրները` իշխանութիւնը պահելու համար: Հայաստանի մէջ աղաղակող ընտրախախտումները կը հակասեն երկրի` Եւրոմիութեան հետ սերտ փոխյարաբերութիւններու ձգտումին, որու հետ Նոյեմբերին ստորագրուած է Համապարափակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը:
Մոլորակի բնակչութիւնը 7 միլիառ 400 միլիոն է: Մարդոց 39 տոկոսը կ'ապրի «ազատ» երկրներու մէջ, 24 տոկոսը՝ «մասամբ ազատ», եւ 37 տոկոսը՝ «ոչ-ազատ»: Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 195 պետութիւններու 45 տոկոսը «ազատ» է, 30 տոկոսը՝ «մասամբ ազատ», 25 տոկոսը՝ «ոչ-ազատ»:
Զեկոյցի հեղինակները նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ անցած 7 տարիներուն նահանջ նկատուած է: Սակայն, 2017-ին անկումը արագացած է, ինչի պատճառները նկատուած են 2016 թուականին ռուսերու միջամտութիւնը ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն, նոր վարչակազմի, այդ շարքին՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ բարոյագիտութեան (էթիքայի) հիմնարար չափանիշներու ոտնահարումը, կառավարութեան աշխատանքի թափանցիկութեան նուազումը:
Այդպիսով, Միացեալ Նահանգները 100-միաւորէն ունի 86 միաւոր, եւ կը զիջի Ֆրանսային, Գերմանիային եւ Մեծ Բրիտանիային, սակայն բարձր տեղ կը գրաւէ «ազատ» երկիրներու շարքին:
Աշխարհի «ոչ-ազատ» երկիրներու ցուցակին մէջ վերջին հինգ տեղերը կը գրաւեն Թուրքմէնստանը, Հիւսիսային Քորէան, Էրիթէրիան, Հարաւային Սուտանը եւ Սուրիան: