image
Հրատապ լուրեր:

Իրան զէնքի արտահանման համաձայնագիր ստորագրած է մի քանի երկիրներու հետ

Իրան զէնքի արտահանման համաձայնագիր ստորագրած է մի քանի երկիրներու հետ

 

Իրանի պաշտպանութեան նախարար, ջոկատային զօրավար Ամիր Հաթամին յայտնած է տեղական արտադրութեան զէնքի արտահանման ծրագրի մասին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Թանսիմ» գործակալութիւնը, իրանցի պաշտօնեան յայտնած է, որ շարք մը օտարերկրեայ պետութիւններու հետ զէնքի արտահանման մասին նոր պայմանագրեր կնքուած են: Բացի այդ, անոր խօսքով՝ քանի մը այլ երկիրներու հետ բանակցութիւններ կ'ընթանան:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շարք մը երկիրներու հետ սպառազինման ոլորտի մէջ համագործակցութեան շուրջ բանակցութիւններ վարած է ինչպէս այն ժամանակ, երբ ԱՄՆ-ն կը փորձէր զէնքի արտահանման պատժամիջոցներ սահմանել մեր դէմ, այնպէս ալ էմպարկոյի աւարտէն ետք»,- ըսած է Հաթամին:

Վերջինս նկատի ունեցած է ՄԱԿ-ի զէնքի էմպարկոն, որ աւարտած է հոկտեմբերին: