Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակման առաջին օրէն իսկ թէ Հայաստանի եւ թէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ասորիները իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին: Ոչ միայն տարբեր նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք կը մեկնեն, այլ Հայաստան բնակող շատ ասորիներ կը զինուորագրուին եւ կը մեկնին Արցախ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, ցեղասպանագէտ՝ Անահիտ Խոսրոեւան, նշելով, որ արդէն մօտ 150 զինուորական Արցախ է եւ անոնց կարգին են, թէ ժամկէտային զինծառայողներ, թէ պայմանագրային զինուորականներ եւ թէ կամաւորներ:
«Ցաւօք, հինգ զոհ ունինք: Կան նաեւ վիրաւորներ եւ անհետ կորածներ: Ամէն պարագային այսօր ալ բաւական մեծ թիւով ասորիներ զինուորագրուած են երթալու համար»,-ըսաւ Անահիտ Խոսրոեւան:
Ոչ միայն Հայաստանի, այլ աշխարհի տարբեր երկիրներու ասորիները միացած են այս պայքարին: Անահիտ Խոսրոեւան նկատել տուաւ, որ տարբեր երկիրներու մէջ հայ համայնքի բողոքի ցոյցերուն նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերած են տեղւոյն ասորիները: Ամբողջ աշխարհէն մօտ 100 հազար տոլար գումար փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:
Իրենց նիւթական աջակցութիւնը յայտնած են ոչ միայն անհատ քաղաքացիներ, այլ նաեւ կազմակերպութիւններ, ինչպես նաեւ ասորական եկեղեցին:
«Բաւական աշխոյժ են Հայաստան ապրող ասորիները՝ մեծէն փոքր: Վերին Դուինի մէջ երեխաները կազմակերպած էին միրգերու վաճառք եւ հաւաքուած գումարը՝ մօտ 1 միլիոն դրամ փոխանցուած էր հիմնադրամին: Ըսեմ, որ մարդասիրական օգնութեան 10-րդ բեռնատար ինքնաշարժը գացած է Արցախ: Անկէ բացի, ասորիները օգնութեան ձեռք կը մեկնեն Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախցիներուն: Այդ գործին մէջ իրենց ներդրումը կ'ունենան թէ Հայաաստանի եւ թէ այլ երկիրներու ասորիները: Վերջին օրինակներէն նշեմ՝ Շուէտի ասորական համայնքը, որ գումար հաւաքած է եւ Հայաստանի մէջ 1500 արցախցի ընտանիքի տրամադրած է առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերք: Այս հարցով կ'աշխատինք համայնքային կառոյցներու հետ»,- ըսաւ Անահիտ Խոսրոեւան:
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակման մասին, ըստ ցեղասպանագէտին, պէտք է շարունակ խօսիլ, պէտք է բարձրաձայնել եւ ցոյց տալ, որ այնտեղ առկայ է ցեղասպանութեան ձեռագիրը:
«Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի թիկունքը կանգնած է Թուրքիան, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է: Այն, ինչ այսօր տեղի կ'ունենայ Արցախի մէջ, 100 տարի առաջուայ ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Անոր գումարած Ատրպէյճանի կողմէն Թուրքիոյ օգնութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կը կռուին իսլամական ծայրայեղականները: Տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարին զոհ դարձան նաեւ ասորիները»,-ըսաւ ան, ընդգծելով, որ այսօր ահաբեկիչներու Կովկաս յայտնուիլը կը խօսի այն մասին, որ այս պարզապէս հայերու ու ատրպէյճանցիներու հակամարտութիւն չէ եւ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան:
«Արեւելք»ի համար արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Թ.Գ.
Նիւթի աղբիւրը՝ «Արմէնբրէս»