image

Հայ սակրաւորները 124 հազար քառակուսի մեթր տարածք ականազերծած են Սուրիոյ մէջ

Հայ սակրաւորները 124 հազար քառակուսի մեթր տարածք ականազերծած են Սուրիոյ մէջ

Սուրիոյ մէջ, Հայաստանի  մարդասիրական առաքելութիւնը իրականացնող խումբի սակրաւորները 8 Փետրուարէն մինչեւ 28 Դեկտեմբեր ինկող  ժամանակաշրջանը, 124 հազար քառակուսի մեթր տարածք ականազերծած են, իսկ խումբի բժիշկները իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են աւելի քան 8500 հիւանդի՝ անկախ տարիքէն, սեռէն, ազգութենէն ու դաւանանքէն։ 

«Սուրիական իշխանութիւնները պարբերաբար կը նշեն, թէ երախտապարտ են հայ մասնագէտներէն, որոնք բազմաթիւ կեանքեր փրկած են»,- ըստ մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հաղորդակցութեան: 
Մարդասիրական ականազերծման և փորձագիտական կեդրոնի մասնագէտները 2019 տարուան ընթացքին ականազերծման աշխատանքներ իրականացուցած են  նաեւ Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս, Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ և Կոռնիձոր բնակավայրերուն մէջ։ Ամբողջ տարուան ընթացքին Ականներու վտանգի իրազեկման մասնագէտները Երեւանի եւ շարք մը  մարզերու դպրոցներուն մէջ դասընթացքներ կազմակերպած են:

«11 հազարէն աւելի աշակերտներ արդէն իսկ կը տիրապետեն անվտանգ վարքագիծի կանոններուն։ ՀԱՓԿ ՊՈԱԿ-ի և Խորվաթիոյ գործընկերներու միջեւ օրեր առաջ ձեռք բերուած համաձայնութեան, Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու եւ ականէն տուժած ընտանիքներու երեխաները 2020-ին կը մեկնին Խորվաթիա՝ ամառնային հանգիստը համատեղ ականներու վտանգի իրազեկման դասընթացքներու կողքին:

Մարդասիրական ականազերծման և փորձագիտական կեդրոնը 2020-ին  կը շարունակէ նաեւ ՄԵՆՔ ՁԵԶ ՀԵՏ ԵՆՔ նախաձեռնութիւնը։ Եկող տարի նոյնպէս սուրիացի փոքրիկներու համար նուէրներ կը ղրկուին ,  այս անգամ յատկապէս գրենական պիտոյքներ ու դպրոցական պայուսակներ»,- նշուած է հաղորդագրության մեջ։