Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատ նոր հրամանագիրով նշանակած է Մոհամմէտ Իսամ Հազիմէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին: Նշենք, որ նախագահ Ասատ, անցեալ շաբաթ պաշտօնանկ ըրած էր Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ՝ Հազէմ Քարֆուլը:
Ի դէպ, նոր կառավարիչ՝ Հազիմէ, նախապէս գրաւած էր փոխ կառավարիչներէն մէկուն պաշտօնը: Ան համալսարանի դասախօս է, ուսումը ստացած է Ֆրանսա: Ան նաեւ անդամ է Սուրիական դրամական թուղթերու ու շուկաներու յանձնաժողովին: