image

Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները նաեւ Երեւանի մէջ

Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները նաեւ Երեւանի մէջ

Յառաջիկային Սուրիոյ մէջ կայացուելիք նախագահական ընտրութիւնները նոյնպէս պիտի կայացուին Երեւանի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատան մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հայաստան բնակող եւ Սուրիոյ քաղաքացիութիւն ունեցողները առիթ պիտի ունենան իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու յառաջիկայ 20  Մայիսին, այցելելով դեսպանատուն, ուր եւ տեղադրուած պիտի ըլլան ընտրական արկղեր։

Նշենք, նաեւ որ նոյն այս ընտրական թեմայով գրառում մը կատարած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Մոհամմատ Հաժ Իպրահիմ իր դիմատետրի էջին ալ տեղադրելով Սուրիոյ նախագահ Ն.Վ. Տօքթ. Պաշշար Ասատի լուսանկարը կցելով՝ «Պիտի շարունակենք հետդ» գրառումը։

 

May be an image of 1 հոգի և տեքստը