«Սուրիական իշխանութիւնները պարբերաբար կը նշեն, թէ երախտապարտ են հայ մասնագէտներէն, որոնք բազմաթիւ կեանքեր փրկած են»,- ըստ մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հաղորդակցութեան:
Մարդասիրական ականազերծման և փորձագիտական կեդրոնի մասնագէտները 2019 տարուան ընթացքին ականազերծման աշխատանքներ իրականացուցած են նաեւ Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս, Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ և Կոռնիձոր բնակավայրերուն մէջ։ Ամբողջ տարուան ընթացքին Ականներու վտանգի իրազեկման մասնագէտները Երեւանի եւ շարք մը մարզերու դպրոցներուն մէջ դասընթացքներ կազմակերպած են:
«11 հազարէն աւելի աշակերտներ արդէն իսկ կը տիրապետեն անվտանգ վարքագիծի կանոններուն։ ՀԱՓԿ ՊՈԱԿ-ի և Խորվաթիոյ գործընկերներու միջեւ օրեր առաջ ձեռք բերուած համաձայնութեան, Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու եւ ականէն տուժած ընտանիքներու երեխաները 2020-ին կը մեկնին Խորվաթիա՝ ամառնային հանգիստը համատեղ ականներու վտանգի իրազեկման դասընթացքներու կողքին:
Մարդասիրական ականազերծման և փորձագիտական կեդրոնը 2020-ին կը շարունակէ նաեւ ՄԵՆՔ ՁԵԶ ՀԵՏ ԵՆՔ նախաձեռնութիւնը։ Եկող տարի նոյնպէս սուրիացի փոքրիկներու համար նուէրներ կը ղրկուին , այս անգամ յատկապէս գրենական պիտոյքներ ու դպրոցական պայուսակներ»,- նշուած է հաղորդագրության մեջ։