image

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ համաներում շնորհեց

Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատ համաներում շնորհեց

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նոր հրաման արձակած է երկրին մէջ համընդհանուր համաներման մասին:  Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ նախագահի վարչակազմի թելեկրամեան պաշտօնական ալիքի մէջ հրապարակուած յայտարարութենէն, ուր կ'ըսուի, որ համաներումը կը վերաբերի մինչեւ 2 Մայիս, 2021-ը տեղի ունեցած յանցագործութիւններուն:

Հրամանագրի համաձայն՝ համաներումը չի տարածուիր այն կալանաւորներու վրայ, որոնք դատապարտուած են զէնքի ու պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգութեան, լրտեսութեան եւ պետական դաւաճանութեան համար:

Նախագահի հրամանագիրը որոշ պարագաներու կ'ենթադրէ նաեւ պատիժի մեղմացում: Օրինակ, մահապատիժի մասին դատավճիռը կը փոխարինուի ցմահ հարկադիր աշխատանքով: Իսկ նման աշխատանքներու դատապարտուածներու պատիժի ժամկէտը կը կրճատուի մինչեւ 20 տարի:  

Սուրիան կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու, որոնք պիտի կայանան 26 մայիսին: Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են աւելի քան 50 թեկնածու, այդ շարքին՝ գործող նախագահը: