Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն առնելով իր տուեալներ, «Ռօյթըրզ» լրատուական ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Հարիրի պատրաստ է վարչապետութիւնը վերստանձնել, եթէ կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ «թեքնոքրաթ» կառավարութիւն մը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս առաջարկը կատարելով, Հարիրի կը կանխէ այն մօտեցումները, որոնք ճանապարհ կրնան բանալ սովորական-քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու դիմաց։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի վարչապետը երէկ հրաժարական տալով երկրին մէջ քաղաքական նոր փուլի մը ազդանշանը տուած էր։